2016-01-18 09:18:00

Օպաման 16 Յունուարը հռչակեց` Կրօնական Ազատութեան օր։


(Ռատիօ Վատիկան) ԱՄՆ-ի նախագահ Տիար Պարաք Օպամա` 16 Յունուարը հռչակեց ''Կրօնական Ազատութեան'' օր, յիշեցնելով երկրին այս առընչութեամբ պատմական աւանդութիւնը ու յատկապէս Վիրճինիայի սահմանադրութիւնը որդեգրուած 1768-ին ու հաստատելով թէ այս երաշխաւորութիւնները քաջալերեցին կրօնական տարբերութիւնները անոնց ապահովեցնելով աննախընթաց ազատութիւն։

Նախագահը ապա հաստատեց թէ այս իրաւունքները մէկ օրուայ յանձնառում մը չեն այլ պէտք են պահպանուիլ սերունդէ սերունդ ու պէտք են միշտ վերահաստատուիլ։ Նախագահը ապա իրեն ուղղուած մէկ հարցումին պատասխանած է թէ ''ամէն մէկ կրօնի դէմ յարձակումը յարձակում է բոլորին կրօնական ազատութեան դէմ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.